Ներսեհ
Անուշ Նագգաշեան «Թեւերուդ մէջ»

Կ'ուզէի դարձեալ
Ծնիլ ես այսօր․
Քեզ գտնելէ վերջ
Գալիք կեանքն արդէն,
Շատ կարճ կը թուի․
Բայց ի՛նչպէս ծնիլ․․․
Թող թեւերուդ մէջ
Կեանքս սկսի․
Եւ շուրջս մեռնի
Ժամանակ, աշխարհ,
Պարզապէս չզգամ
Զիս շրջապատող
Պատրանքն այս խեղդող։
Թող քու համբոյրով
Չունենամ կեանքի
Ուրիշ տարփանքներ․
Լոկ սէրդ ծաղկի․․․
Թող բացուիմ քեզի
Ինչպէս նորածինն
Առաջին անգամ
Այս աշխարհ կու գայ․
Եւ պոռթկամ նման
Ճիչին սպասուած․․․
Բացուիմ թեւերուդ՝
Ինչպէս կը բացուի
Ծաղիկն արեւին․
Կամ հողը ծարաւ՝
Կը ծծէ անձրեւն
Կարօտով անյագ․
Թող թեւերուդ մէջ
Կեանքս սկսի․․․
Թող թեւերուդ մէջ
Աշխարհս գտնենք․
Ուր որ ալ դառնամ
Լոկ քեզի տեսնեմ,
Ապահով այդպէս
Չունիմ ուրիշ տեղ։
Թող որ թեւերդ՝
Նման մայրական
Արգանդին հրաշք
Աշխարհս դառնան․․․
Ու սէրդ ըլլայ
Պորտալարը մեր․․․
Թէ դարձեալ ծնիմ՝
Լոկ թեւերուդ մէջ
Կ'ուզեմ ես ծնիլ,
Բնաւ չափսոսալ Իրարմէ հեռու
Անցածին համար։
Թող թեւերուդ մէջ
Ծնիմ ես դարձեալ․․․։
© Անուշ Նագգաշեան