Ներսեհ
Անուշ Նագգաշեան - Մեծ Երազ
Մեծ Երազ

Երկար տարիներ
Վարժուած էի
Առանձնութեանս...
Բայց հիմա ինչպէս,
Սրտիս ո՞ր դռնէն
Ներս մտար կեանքէս,
Ու արդէն կ'իշխես
Ամէն երակի,
Ամէն մէկ ջիղի...
Ուղեղս անգամ
Ենթարկած քեզի,
Կ'ուզես փոխել դուն
Ուղին իմ կեանքի...
Ես կը կարծէի
Կորսնցուցած եմ
Բանալին սրտիս,
Գտնելն՝ անհնար...
Իսկ ղեկը կեանքիս
Մէջն էր ձեռքերուս,
Զայն առնել ինձմէ
Ջանք էր ապարդիւն...
Հիմա կը նայիմ
Անցած օրերուս,
Եւ սուտ կը թուի
Առանձնութիւնն իմ.
Ինչպէս սուտ էին
Առանձնութեան մէջ
Կեանքս լեցնող
Երազներս սին...
Չէ՛, ալ չի կրնար
Սէր չփայփայել
Միայն սիրելու
Ծնած սիրտը իմ,
Երբ արդէն կաս դուն,
Գոյութիւն ունիս
Յոյսով փայփայուած
Գալիք օրերու՝
Իրականութեան
Մեծ երազին մէջ...:
© Անուշ Նագգաշեան