Ներսեհ
Անուշ Նագգաշեան «Սէրս երբեմնի»

Եկար, փշրեցիր
Կեղծ սիրով շինուած
Աստուածներս ամէն,
Եւ ինքդ դարձար
Անմրցելի, վեհ
Աստուածը սիրոյս...
Մարեցիր բոլոր
Մոմերը հատնող,
Փարոսի նման
Ցոյց տուիր ինծի
Ճամբան քեզ հասնող...
Եւ ես ջերմեռանդ
Հաւատացեալս,
Սիրոյ աստուծոյն
Երկրպագուն հեզ,
Խաչաձեւ դրած
Ձեռքերս կուրծքիս՝
Ու ծունկի իջած
Սիրոյ խորանին,
Հասած եմ քեզի.
Բա՛ց վարագոյրը
Փակեալ խորանիդ,
Թող լոյսը ծագի
Հոգիէս քեզի,
Յարութիւն առնէ
Սէրս երբեմնի...
© Անուշ Նագգաշեան