top of page
  • Writer's pictureՆերսեհ

Հայրենիքի համար նահատակուեցաւ մեր յօդուածագիրներէն Արթուր Սուքիասեանը

ԱՐԹՈՒՐ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ (1999-2020)

Սիրելի յօդուածագիր մըն ալ պակսեցաւ: Մեր ազգի 1999-2002 թուականներուն ծնած լուսա-ւոր տղաքներէն շատեր այսօր գերեզմանի մէջ են: Կը պակսէր յօդուածագիրներէս Արթուր Սուքիասեան, ահա՛, այնքան մահերէ ետքը, ան ալ գնաց: Ազգովին անսահման ցաւի սարսուռը կը զգանք այս օրերուն, սիրտերնիս կը մխայ սուգի կսկիծէն եւ իբրեւ անուշահոտ խունկ մը ծխացող խնկամանին՝ կ’աւելնայ նաեւ Արթուր սիրելին: Մահը, կտրելով 21-ամեայ երիտասարդի մը կեանքի թէլը, անգթութիւն ըրաւ: Անգթութիւն իր սիրելիներու, ընկերներու, ազգականներու եւ դասախօսներու վերաբերմամբ, որովհետեւ Արթուր սիրուած էր բոլորէն: Իր մահը ցաւ մըն է, որովհետեւ Արթուր Սուքիասեան մեռաւ առանց գրականութեանը լիովին տուած ըլլալու ինչ որ կարող էր տալ, սակայն ան իր կեանքը տուաւ հայրենիքին, նահատակուեցաւ, որ մենք ապրինք: Այսօր Արթուրի կեանքէն մեզի մնաց իր բոլոր բարի ու ազնիւ արարքները, իր ծառա-յութեան, նուիրումի ոգին, իր բարեհամբոյր հոգին, եւ իր ժպիտը... այն անտեսանելի արեւը որ կը կրէր իր հոգւոյն մէջ, յիշատակներ որոնք վառ պիտի մնան բոլոր անոնց հոգւոյն մէջ, որոնք ճանչցած են հանգուցեալը: «Սիոն»-ի խմբագրութիւնը ողբալով հայրենասէր յօդուածագրի եւ սիրելի աշխատակցի անմխիթարելի սուգը կը վշտակցի անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ սիրելիներուն: Աղօթք եւ օրհնէնք եւ յաւիտենական հանգիստ իր բարի հոգիին եւ յարգանք եւ երախտանք արցախա-ատրպէյճանա-ահաբեկչական յարձակումներու ընթացքին պատ-նէշի վրայ անխոնջ զինուորի իր ազգանուէր վաստակին:

Յ. Գ. Արթուրի յօդուածներէն մին «Սիոն»-ի էջերուն մէջ:

Արթուր Սուքիասեան - Ծնողասպանութեան հոգե
.
Download • 297KB

19 views0 comments
Հետևեք մեզ
facebook-ում 
bottom of page