Ներսեհ
Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

ՀՄԱՅԵԱԿ ԳՐԱՆԵԱՆ
Բեթղեհէմ
«Եւ դո՛ւ, Բեթղեհէմ, տուն Եփրաթայ, սակաւաւորս իցես լինել ի հազարաւորս Յուդայ...»:
Է՛ն հրաշալին անուններուն Սուրբ Գըրոց,
Որ մեզ տուաւ մանկութիւն մը գերազանց,
Մերկ մսուրը եւ անպաճոյճ օրօրոց,
Ու առաջին համանուագն հրեշտակաց,
Զոր հովիւներ աւետաւոր գիշերուան
Աստղերուն տակ մաքուր սրտով երգեցին,
Իբր նախերգանք մարդկային մեծ հաճութեան,
Եւ փառքին ալ՝ յաւերժակա՜ն Բարձունքին:
Գիշերուան մէջ այս՝ թրթըռո՜ւն Քու սիրով,
Տիեզերքի եղբայրութիւնն անանուն,
Մսուրիդ դէմ ծունկի բե՛ր, Տէ՜ր, քովէ-քով,
Եւ տարածէ՛ հողին, օդին ու ծովուն
Սահմաններուն, Քեզմով լեցուած անսահման
Սուրբ մեղեդին Քու հրաշազան Յայտնութեան: