top of page
  • Writer's pictureՆերսեհ

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության


ԵՐԵՒԱՆԻՆ


Հազար աչքով նայէի քեզ,

Հազար սըրտով սիրէի քեզ,

Իմ հայրենի հըրաշք ոստան,

Երեւան:


Մեր արիւնէն ծըլած երազ,

Բա՛ց մեր վերեւ թեւերդ ճերմակ

Եւ օրօրէ մեր վիշտն ու խանդ,

Երեւան:


Հըրազդանի անհուն ափին,

Անտառ անծիր, բերդ մեր սըրտին,

Ոսկէ լապտեր մեր յոյսերուն,

Երեւան:


Աղբիւր անոյշ, աղբիւր առատ,

Ուրկէ գայինք խըմելու միշտ,

Հոգին անմահ մեր հայրերուն,

Երեւան:


Մեր սիրտը երգ եւ մեր աշխարհ

Երգարան մեծ աստղերէ աստղ,

Հազար երգով գովքըդ հիւսենք,

Երեւան:


© ԵՂԻՎԱՐԴ

16 views0 comments

Recent Posts

See All
Հետևեք մեզ
facebook-ում 
bottom of page