top of page
  • Writer's pictureՆերսեհ

Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության


ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ուշ չես դուն բնաւ


Սէր իմ ուշացած

Որքա՜ն անուշ ես

Եւ ուշ չես բնաւ․․․


Անձրեւ թէ արեւ

Շատ տեսաւ կեանքս, Սակայն իմ հոգին

Մանուկ օրերուս

Ժպիտը փնտռեց․․․

Որքան փոթորկի

Երկինքը հոգւոյս

Կամ ալեկոծի

Ծովը իմ կեանքին,

Շրթներուս վրայ

Դեռ կը թրթռայ

Անձրեւի բոյրով,

Արեւի շողով

Մանուկ օրերուս

Երգը չմարող․․․


Սէր իմ ուշացած

Ուշ չես դուն բնաւ,

Եկո՛ւր խառնուիր

Կեանքիս միայնակ․

Հրդեհէ՛ կայծը

Սիրոյս մռայլած,

Սնձրեւ տեղացո՛ւր

Կեանքիս տխրամած,

Փոթորկէ՛ դարձեալ

Հոգիս հանդարտած։

Recent Posts

See All
Հետևեք մեզ
facebook-ում 
bottom of page