- Ներսեհ Ա. Ա.
Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
«Դուն միացար մեր հողին»
Մայր իմ՝ արեւ ու հեռանուշ լուսնկայ, Դարձար նշխար ու միացար մեր հողին, Եւ հողն անուշ հայրենիքին հնամեայ, Քիչ մ՛աւելի անուշցաւ…
Մայր իմ՝ երկինք եւ առաւօտ սրբալոյս, Դուն մեր հողին տուիր հոգիդ խնկաբոյր, Եւ հողը սուրբ՝ լուսապսակ պապերուս Քիչ մ՛աւելի սրբացաւ…
Մայր իմ, դուն գանձ եւ անսպառ ոսկեհանք, Դարձար խորհուրդ եւ հողակոյտ աննշան, Բայց գանձն անխոյզ մեր հողերու լանջքին տակ Քիչ մ՛աւելի աճեցաւ…
Մայր իմ՝ աղբիւր անհաս հրաշքին, Գացիր ննջել Լուսաւորչի աստղին տակ, Եւ սիրտն անհուն Հայաստանի մայր հողին Քիչ մ՛աւելի մայրացաւ…
Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական, Հարազատ բառ եւ սուրբ բարբառ մայրենի, Քեզմով հիմա աշխարհն հայոց աննման Քիչ մ՛աւելի հայեացաւ…