- Ներսեհ Ա. Ա.
Ոչ մի օր առանց բանաստեղծութեան

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
«Չեմ մոռցած քեզի»
Չեմ գիտեր ինչու
Ես կը կարծէի
Որ արդէն վաղուց
Մոռցած եմ քեզի...
Ալ չես երեւար
Դպրոցի ճամբուս,
Ալ չես հետեւիր
Դողդոջ քայլերուս...
Բայց կը դառնամ ետ
Եւ յուսահատած
Կը շարունակեմ
Առաւօտ կանուխ
Ճամբաս մթագնած...
Չեմ գիտեր ինչու
Դեռ կը կարծէի,
Որ արդէն վաղուց
Մոռցած եմ քեզի...