- Ներսեհ Ա. Ա.
Ներսեհ «Սուրբ Յակոբին»
Updated: Feb 19, 2021

Սուրբ Յակոբ, Դուն կեանքիս ամենէն երջանիկ օրերու լուռ վկայ, Տխուր պահերուս՝ մխիթարիչ, Յուսատու բարի եւ անբարբառ բարեխօս: Ամէն բան սրտիդ մէջ է, Ամէն ինչ գիտես իմ մասին Ո՜վ խոստովանահա՛յր: Քանզի ամէն օր քու տունդ գալով Սիրտս միայն քեզ կը բանայի Շնորհաբա՛շխ արդար: Եւ կը փոխէիր ընթացքը կեանքիս Զօրաւոր բարեխօսութեամբդ, որ Կը ղրկեր պտուղները զիս: Մշտամրմունջ աղօթքներուս Խոնարհ ապաւէն, Կեանքս քեզ մատաղ, ծառադ եմ յաւերժ: Հատուցել կ’ուզեմ ըրածներդ բոլոր, Որ գիտեմ քիչ է, քիչ է ու քիչ է… Քանզի տուածներդ անհաշուելի են Բարիքներդ բի՜ւր, անթի՜ւ, անհամա՜ր: Շահագործել բարութիւնդ, ո՜վ հզօր՝ Անկարելի է, բարեկա՛մ իմ: Մշտարթուն պահապան իմ Տո՛ւն իմ, յո՛յս իմ Խաւար օրերուս բարեխօ՛ս իմ Շէն մնաս պատերով քո հին:
© Ներսեհ