- Ներսեհ Ա. Ա.
Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
Աշխարհի ցավով
Սիրտս կ՛արիւնի՛ աշխարհի ցաւով, Որքա՜ն տառապանք, Աստուած իմ, չորս դիս, Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:
Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց, Եւ նոր ոճիրներ իմ շուրջն ու հեռուն Կը ծնին մարդիկ՝ արիւնով հարբած:
Գլուխս ինչպէ՞ս ես դնեմ բարձիս Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով, Երբ անգին անքուն մօտիկ դրացիս Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:
Սուրի ու սովի կր դառնան աւար Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն Եւ ոտքի կոխան՝ հասկեր անհամար, Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:
Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին, Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան Որբի մը բերնէն պատառը հացին:
Աստուա՛ծ իմ, որքա՛ն անարդար վճիռ. - Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս… Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր. - Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս…