- Ներսեհ Ա. Ա.
Ոչ մի օր առանց բանաստեղծության

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Սորվեցուր ինծի
Գիտե՞ս սիրելիս, Տխուր եմ ես շա՜տ, Սորվեցուր ինծի Ինչպէս կրնաս դուն Ըլլալ այսքան մօտ Եւ մնալ հեռու... Իսկ ես կ'ուզէի Նոյնիսկ հեռույէն Սրտիս զարկերը Լսէիր հատ-հատ...
Գիտե՞ս սիրելիս Սորվեցուր ինծի, Երբ տխուր եմ ես՝ Ինչպէ՞ս կրնաս դուն Անտարբեր ըլլալ...